image

Ատրպէյճանի շտաբի պետը ստուգած է Հայաստանի սահմանին դիրքաւորուած «Քոմանտոս» զօրախումբը

Ատրպէյճանի շտաբի պետը ստուգած է Հայաստանի սահմանին դիրքաւորուած «Քոմանտոս» զօրախումբը

Ատրպէյճանական բանակի գլխաւոր շտաբի պետ Քերիմ Վելիեւը, ցամաքային զօրքերու հրամանատար Էնվէր Էֆենտիեւը եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այլ պաշտօնեաներ այցելած են N զօրամաս, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Մեծ թուով նորակոչիկներ ունեցող զօրամասին մէջ ստուգուած է անձնակազմի ընդունելութեան գործընթացը, նախնական դասընթացներուն նորակոչիկներու մասնակցութիւնը։ Ապա նախարարութեան ղեկավար կազմը այցելած է Հայաստանի հետ սահմանին տեղակայուած «Քոմանտոս» զօրամաս եւ այլ զօրամասեր, հետեւած անձնակազմի լեռնային  պատրաստուածութեան։

Վելիեւը յանձնարարած է զինծառայողներու գործնական պարապմունքներու ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը դարձնել մարտավարութեան մեթոտներուն։ Վելիեւը համապատասխան պաշտօնատար անձանց հրահանգներ տուած է զինծառայողներու մասնագիտական պատրաստուածութեան մակարդակի, զօրավարժութիւններու եւ պարապմունքներու աշխուժացման եւ որակի բարձրացման մասին»,-նշած են լրատուամիջոցները: