image

Ատրպէյճանի ղեկավարը Միշելի հետ հանդիպման նշած է «պրիւսէլեան ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը»

Ատրպէյճանի ղեկավարը Միշելի հետ հանդիպման նշած է «պրիւսէլեան ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը»

14 Յուլիսին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հրաւէրով աշխատանքային այցով ժամանած էր Պելճիքայի Թագաւորութիւն։

Միշելը ԵՄ կեդրոնակայանին մէջ հանդիպած էր Ալիեւի հետ։

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոխորհուրդի նախագահ Միշելին՝ աշխատանքային այց կատարելու հրաւէրի համար։

«Շնորհակալութիւն յայտնելով Շառլ Միշելին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերու համար»՝  Ատրպէյճանի ղեկավարը նշած է «պրիւսէլեան ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը»։

Զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է այսօր կայանալիք եռակողմ բանակցութիւններու շուրջ՝ «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շուրջ»։ 

Որոշակի մանրամասներու մասին տեղեկատւութիւնը հրապարակուած էր հանդիպումէն շատ աւելի ուշ։