image

Ատրպէյճանի դատարանին մէջ պահանջած են «հանել արցախահայու աչքերն ու կտրել լեզուն»

Ատրպէյճանի դատարանին մէջ պահանջած են «հանել արցախահայու աչքերն ու կտրել լեզուն»

Պաքուի մէջ 18 հոկտեմբերին շարունակուած է շինծու դատական գործը արցախցի առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դէմ։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, «տուժածներէն» մէկը յայտարարած է, որ ամբաստանեալը այրած է ատրպէյճանցիներ, եւ ատոր համար պէտք է «հանել անոր աչքերը եւ կտրել լեզուն»։

«Ես այրել եմ ադրբեջանցի ժողովրդի՞ն։ Ես այնտեղ չեմ եղել, թանկագինս։ Դու այնտեղ որտե՞ղ ես ինձ տեսել»,- հարցուցած է Խաչատրեանը մի քանի անգամ, որմէ ետք տուժածը լռած է։