image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Ֆրանսային կոչ ըրած է «Հայաստանը նոր պատերազմի չդրդելու»

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Ֆրանսային կոչ ըրած է «Հայաստանը նոր պատերազմի չդրդելու»

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը Քոլումպիայի «NTN24» լրատուական հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ Ֆրանսային կոչ ըրած է «Հայաստանը Անդրկովկասի մէջ նոր պատերազմի չդրդելու»։

Աւելի վաղ ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած էին ֆրանսական «Պասթիոն» զրահամեքենաներու լուսանկարները, որոնք, ըստ հրապարակումներու, Վրաստանի տարածքով ուղեւորուած էին Հայաստան: Վերջին տուեալներով՝ Ֆրանսան մտադիր է Հայաստանին ընդհանուր առմամբ 50 զրահամեքենայ մատակարարել։

«Հայաստանին պաշտպանական եւ յարձակողական սպառազինութիւն մատակարարող Ֆրանսայի գործողութիւնները չեն նպաստեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման։ Մենք Ֆրանսային կոչ կ՚ընենք զերծ մնալու ապակառուցողական գործողութիւններէ եւ Հայաստանին նոր պատերազմի դրդելէ»,-յայտարարած է Մամետովը։

Խօսելով 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իրականացուած ռազմական յարձակման մասին՝ ատրպէյճանցի դիւանագէտն այն անուանած է «տեղային հակաահաբեկչական միջոցառում», որ ուղղուած եղած է «բացառապէս անջատողականներու անօրինական զինուած կազմաւորումներու դէմ»։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի «տեղային» գործողութեան հետեւանքը եղաւ հայ բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանումը իր հայրենիքէն, ուր անոնք ապրած են հազարամեակներ շարունակ: