9 Յունիսին՝ ժամը 22:50-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Կախակնի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ականանետ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Նոյն օրը, ժամը 18:30-ին եւս, ատրպէյճանեան ուժեր կրակ բացած էին Կախակնի ուղղութեամբ: