Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն դադրեցներ Քարվաճառի Դադիվանքի հայկական տաճարը իւրացնելու փորձերը:
«Ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքի անդամները այցելած են վանք, կրօնական ծէս կատարած են տաճարին մէջ, աղօթքներ կարդացած եւ մոմեր վառած են»: Այցելութիւնը տեղի ունեցած է Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի ծիրին մէջ:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն հայկական հինաւուրց Դադիվանքը որպէս «ալւանական» ներկայացնել՝ գործելով «ինչը կարելի չէ քանդել, պետք է իւրացնել» սխեմայով։