7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7էն մինչեւ 7։26 Մարտունիի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են զինադադարը՝ հրաձիգներով եւ 60. մմ տրամաչափի ականանետերով կրակ բանալով Մաճկալաշէն գիւղի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քարշակին ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հայկական կողմէ տուժողներ չկան:
Ըստ աղբիւրին` զինադադարի խախտման մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: