Մայիս 18-ին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու շփման գիծի հիւսիսային, արեւելեան եւ կեդրոնական ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը կիրառելով հրաձգային զէնք եւ ՀԱՆ-17 նռնականետ։
Արցախի Պաշտպանութեան Բանակէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ Բերդաշէն գիւղի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմը կրակ բացած է այգիին մէջ աշխատող քաղաքացիական անձանց եւ ՀԱՆ-17 նռնականետէ Կաշէնի հանքավայրի ուղղութեամբ։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի։
Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
Մայիս 19-ի ժամը 10։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։