image

Ատրպէյճան խախտած է հրադադարը

Ատրպէյճան խախտած է հրադադարը

8 Յունիսին՝ ժամը 02:25-02։35-ն ինկած ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը՝ կիրառելով հրաձգային զէնք։ Հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն յայտնած են, որ 8 յունիսի ժամը 10։30-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։

Միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել՝ փորձելով հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներու կողմէ հրադադարի ռեժիմի պարբերական խախտումները։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ, իբր, Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 8 յունիսի առաւօտեան կրակ բացած են Շուշիի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Ասկերանի շրջանին մէջ փորձած են իրականացնել ամրաշինական աշխատանքներ, որոնք իբրեւ թէ խափանուած են ատրպէյճանական բանակի ձեռնարկած միջոցառումներու շնորհիւ, բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան։