image

Ատրպէյճան կ'ուզէ վերացնել տարածաշրջանի մէջ հայկական ներկայացուածութիւնը. Մհեր Մարգարեան

Ատրպէյճան կ'ուզէ վերացնել տարածաշրջանի մէջ հայկական ներկայացուածութիւնը. Մհեր Մարգարեան

ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի շրջածիրէն ներս մայիս 2-ին տեղի ունեցած է թեմատիկ քննարկում՝ «Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը զինուած հակամարտութիւններու ընթացքում» խորագրով, որ կազմակերպած էին Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշտական ներկայացուցչութիւնները։ Ինչպէս կը տեղեկանանք Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, քննարկման ելոյթներով հանդէս եկած են Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէն եւ ՄԱԿ-ի շարք մը անդամ-պետութիւններու ներկայացուցիչներ:

Իր ելոյթին մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային կոթողներու աւերածութիւներուն՝ նշելով, որ նման գործողութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանի մէջ հայկական ներկայացուածութեան համակարգուած վերացման քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։

Դեսպան Մարգարեանն ընդգծած է, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի աւելի վաղ շրջանի ոտնձգութիւնները եւս փաստագրուած եւ լայնօրէն լուսաբանուած են` օրինակ բերելով Նախիջեւանի հայկական միջնադարեան եկեղեցիներու եւ 5000-է աւել խաչքարերու ոչնչացումը։

Քննարկման մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրուած է նաեւ  2021թ. դեկտեմբերին Հայաստանի հայցի հիման վրայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ ընդունուած հրատապ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ որոշման վրայ, որ կը պարտաւորեցնէ Ատրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, եւ շիրիմներու դէմ»։

ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը շեշտած է, որ Հայաստանը շարունակաբար կոչ ըրած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ, այնինչ Ատրպէյճանը մշտապէս խոչընդոտած է տեղւոյն վրայ փաստերու անկախ եւ անաչառ գնահատական տալու միջազգային կառոյցներու ջանքերը։