image

Ատրպէյճան հերթական անգամ կրակ բացած է Երասխի ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ատրպէյճան հերթական անգամ կրակ բացած է Երասխի  ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Յունիս 16-ին՝ ժամը 10:00-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Յիշեցնենք, որ 15 յունիսին՝ ժամը 11:45-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած էին Տեղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ականանետ:

ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ ծառայութիւնն իր հերթին յայտնած էր, որ 15 յունիսին՝ ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան խումբ մը զինծառայողներ Հակարիի կամուրջի ուղղութեամբ յառաջխաղացման փորձ կատարած են՝ ՀՀ տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու նպատակով:

Յունիս 14-ին Ատրպէյճանը եւս կրակ բացած էր Երասխի ուղղութեամբ: