Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը (ՊԱԾ) զեկուցած է «իրանեան լրտեսական ցանցի» բացայայտման մասին։
Ինչպէս տեղեկացուցած են ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները, «ՊԱԾ-ը յաջողած է պարզել, որ Կասպից ծովու ծովային նաւթային նաւատորմի նաւի նաւապետ Զահիր Ասքերովը, Քումի մէջ կրօնական կրթութիւն ստանալով, գաղտնի համագործակցութեան մէջ մտած է Իրանի յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Անցեալ շրջանին Ասքերով տեղեկութիւններ հաւաքած է Ատրպէյճանի մէջ օտարերկրեայ ընկերութիւններու եւ օտարերկրեայ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններու, Կասպից ծովուն մէջ ռազմածովային նաւատորմի զօրավարժանքներու, նաւթային հարթակներ հասցուած բեռներու մասին, եւ փոխանցած է իրանեան յատուկ ծառայութիւններուն։
Մէկ այլ հետաքննութիւն ցոյց տուած է, որ քաղաքացի Էլնուր Ռասուլովը, 2018-ին գտնուելով Իրան, պայմանաւորուած է գաղտնի համագործակցիլ յատուկ ծառայութիւններու հետ։ Այնուհետեւ Ռասուլով այս գործին ընդգրկած է ազգականը՝ Արիֆ Ռասուլովը, եւ անոր հետ միասին WhatsАpp-ով լուսանկարած է նաւթատարներու եւ կազատարներու տեղերը Պաքուի Գարատաղի շրջանին մէջ, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ պետական սահմանապահ ծառայութեան անօդաչուները՝ օդակայանին մէջ, նաեւ այն տարածքը, ուր կը պահուին թանկերը եւ տարբեր ռազմական սարքաւորումները Պաքուի «Տեխնոֆեսթ» ցուցահանդէսէն, ռազմավարական եւ ռազմական կառոյցները, զէնիթահրթիռային համալիրները, ինչպէս նաեւ Պաքուի, Սալիանսքի եւ Ֆիզուլիի շրջանի ռատիոտեղակայանքի վերահսկման այլ կառոյցներ։
Պարզուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէկ այլ քաղաքացի՝ Պախթիյար Աղազատէն, հաւաքագրուած է իրանեան յատուկ ծառայութիւններու կողմէ։ Ան նոյնպէս կրօնական կրթութիւն ստացած էր Իրանի մէջ։ Աղազատէն տեղեկութիւններ հաւաքած է Ատրպէյճանի մէջ գրծող օտարերկրեայ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններու, երկրին մէջ տեղի ունեցող հասարակական-քաղաքական գործընթացներու, զօրամասերու տեղակայման վայրերու, նշանակութեան, նաեւ հրամանատարական կազմի մասին եւ փոխանցած է իրանեան յատուկ ծառայութիւններուն։
Պարզուած է նաեւ, որ քաղաքացի Միրհաֆիզ Ճաֆարզատէն, կատարելով 2018-էն միջազգային հետախուզման մէջ գտնուող եւ այժմ Իրանի մէջ թաքնուող Օրհան Մամետովի յանձնարարութիւնները, փոխանցած է ռազմական նշանակութեան կառոյցներու գտնուելու վայրի մասին եւ այլ տեղեկութիւններ իրանեան յատուկ ծառայութիւններուն, Թելեկրամի միջոցով։
Զահիր Ասքերով, Էլնուր Ռասուլովը, Արիֆ Ռասուլովը, Միրհաֆիզ Ճաֆարզատէն եւ Պախթիյար Աղազատէն պատասխանատւութեան ենթարկուած են 274-րդ յօդուածով (պետական դաւաճանութիւն) եւ դատարանի վճռով ձերբակալուած են։
Հետաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ իրանեան յատուկ ծառայութիւններու հրահանգով գործող եւ Իրանի մէջ քրէական հետապնդումէ թաքնուող Թոհիտ Իպրահիմպէյլին, Օրհան Մամետովը, Էլշատ Հաճիեւը եւ միւսները WhatsApp-ի միջոցաւ ստեղծած են փակ խումբեր՝ «Քննարկումներ», եւ «Յայտարարութիւններ» անուններով, այնտեղ ընդգրկելով ատրպէյճանցի քաղաքացիներ, եւ այդ խումբերու միջոցով տարածած են արմատական, կրօնական-ծայրայեղական գաղափարներ, որոնք կը հակասեն մարդու իրաւունքներու մասին ժամանակակից միջազգային իրաւունքներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, եւ որոնց նպատակը եղած է Ատրպէյճանի մէջ կրօնական պետութեան ստեղծումը»։