image

Ատրպէյճան 10 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու մէջ

Ատրպէյճան 10 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու մէջ

Յառաջիկայ երեք տարիներուն Ատրպէյճան աւելի քան 10 միլիառ ամերիկեան տոլար պիտի ծախսէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու մէջ։

 

Հաղորդած է «Ինտթըրֆաքս Ազերպայճան» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով երկրի կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրները։

 

Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները գործակալութեան հաղորդած են, որ 2024-էն 2027 թուականներուն երկրի պետական պիւտճէին մէջ «հիմնական ծախսերու համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցներու 29․4 տոկոսը պիտի ուղղուի Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ մեկնարկած ծրագրերու իրականացման»։

 

«Մինչև 2027 թուականը Պաքուն կը նախատեսէ ամրապնդել այս շրջաններու մէջ գտնուող ռազմական ենթակառոյցները, պիտի կառուցուին ուժանիւթի, փոխադրային, մարզական եւ ընկերային կառոյցներ», - հաղորդած է «Ինթըրֆաքսը»։