image

Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը՝ Գեթսեմանիի Աստուածամօր Տաճարէն ներս

  Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը՝ Գեթսեմանիի  Աստուածամօր Տաճարէն ներս

Երուսաղէմի Միաբանութեան նախաձեռնութեամբ  նշուած է  Սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տօնը։

Այս մասին վերահասու դարձանք  «Հայ Երուսաղէմն այսօր»  դիմատետրի էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ, թէ «Երուսաղէմի Գեթսեմանիի պարտէզին Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տաճարին մէջ նշուեցաւ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը:

Նախորդ օրը, նոյն տաճարին մէջ  տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ» մուտք եւ ապա «Երեկոյեան» ժամերգութիւն, իսկ կէսգիշերէն առաջ կատարուեցան «Հսկման» եւ «Գիշերային» ու «Առաւօտեան» ժամերգութիւններ:

Տօնի օրը, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, հանդիսապետութեամբ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիպեանի, «Հրաշափառ» մուտք գործեց տաճար, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը Աստուածամօր գերեզմանի վրայ մատուցեց պատարագ: Պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Թէոդորոս ծ. վրդ. Զաքարյանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն»։