Յունիս 24-ին, ժամը 14:17-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Գլինկայի փողոցի թիւ 3 հասցէով` աւտոտեխսպասարման կէտին մէջ, տեղի ունեցած է ինքնաշարժի պայթում, կան տուժածներ:
Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ:
Ըստ նախնական տուեալներուն` «Toyota Camry» ինքնաշարժին մէջ տեղի ունեցած է պայթում, որուն հետեւանքով տուժած է 5 քաղաքացի․ վերջիններս հիւանդանոց փոխադրուած են «Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն»: