image

Արտագնայ («Խոպանչի) աշխատողները փակած են Երեւան-Մարտունի ճանապարհը

Արտագնայ («Խոպանչի) աշխատողները փակած են Երեւան-Մարտունի ճանապարհը

Գեղարքունիքի մարզի բնակիչները փակած են Երեւան-Մարտունի ճանապարհը. անոնք կը բողոքեն ՊԵԿ-ի նոր օրէնսդրական փոփոխութիւններու դէմ, ըստ որու արտագնայ աշխատանքի մեկնողները այլ պետութիւններու մէջ ստացուած եկամուտէն պէտք է վճարեն եկամտային հարկ Հայաստանի մէջ:

Մարտունեցիները ճանապարհը փակած են համայնքի Ծակքար բնակավայրի հատուածին մէջ:

Այսինքն՝ իրենց երկրին մէջ աշխատանք չգտած եւ ապրուստի միջոց հայթայթելու ակնկալիքով արտերկիր մեկնած քաղաքացիներն ուրիշ երկրի մէջ վաստակած գումարը պէտք է հաշուարկեն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եկամտահարկ վճարեն, չնայած իրենց աշխատածէն արդէն տուեալ երկրի մէջ հարկեր կը վճարեն։

Նշենք, որ Հայաստանէն ամենաշատը Գեղարքունիքի մարզի, մասնաւորապէս, Մարտունիի բնակիչները կը մեկնին արտագնայ աշխատանքի, եւ պետութեան լրացուցիչ հարկեր վճարելու հեռանկարը անոնց զայրացուցած է` կը պահանջեն չեղարկել օրէնսդրական պահանջը:

Այսօր ՊԵԿ-ը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ նշելով, որ պատրաստ է այս օրէնսդրական կարգաւորման շուրջ քննարկումներ սկսելու: