Մայիս 17-ին Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ենս Փլիոթների հետ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը։
«Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը զրուցակցին ներկայացուցած է Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու մանրամասները:
Կողմերը քննարկած են Քիշնեւի մէջ կայանալիք հնգակողմ հանդիպման օրակարգին վերաբերող հարցեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: