Ապրիլ 9-ին, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Թեհրան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ։
Այս մասին կը տեղեկացնեն Անվտանգութեան Խորհուրդի մամուլի ծառայութենէն: