image

Արդէն 6-րդ օրը Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել

Արդէն 6-րդ օրը Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել

Արդէն վեցերորդ օրն է`Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել: Այս մասին հաղորդած է Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ Ներքին գործոց նախարարութիւնը, հասարակական կարգի եւ ներքին անվտանգութեան պատշաճ ապահովման նպատակով, մայրաքաղաքին եւ շրջաններուն մէջ ծառայութիւն կ'իրականացնէ ուժեղացուած ռեժիմով։

Յետադարձ կապ` 102, 911։