Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Մարտունի քաղաքին մէջ հանդիպած է շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն հետ:
Արցախի նախագահը նախ անդրադարձած է ընկերատնտեսական ծրագրերուն` նշելով, որ պատերազմին հետեւանքները վերացնելուն ուղղուած աշխատանքները պէտք է շարունակել արագացուած կշռոյթով: Նախագահին խօսքով` կառավարութիւնը, ի լրումն պաշտպանական ծրագրերու, հետեւողականօրէն պիտի իրականացնէ նախանշուած բոլոր հիմնական ծրագրերը` առանձնացնելով յատկապէս բնակարանաշինական եւ գիւղատնտեսական ուղղութիւնները:
Անդրադառնալով ստեղծուած անվտանգային ու աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին` Արայիկ Յարութիւնեանը նշած է, որ, հիմք ընդունելով 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, Արցախը կը շարունակէ պահպանել իր ապագայի տեսլականը` հիմնուած երեք տասնամեակ առաջ որդեգրուած անկախութեան ու պետականաշինութեան ուղղութեան վրայ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Յարութիւնեանը լսած է ներկաներուն մտահոգութիւններն ու կարծիքները, պատասխանած է զանոնք յուզող հարցերուն, յանձնարարականներ տուած է պատասխանատու անձերու յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ: