Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները՝ ՀՅԴ, Ազգային դեմոկրատական եւ «Արդարութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած են Արցախի պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:
Արցախի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեան ըսած է, որ «Արդարութիւն» խմբակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրելու մասին որոշումը կայացուած է խմբակցութեան նիստի ընթացքին, իսկ միւս 2 խմբակցութիւններու որոշման առնչութեամբ ինք մեկնաբանութիւն չունի:
Ան նշած է, որ 8 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահը հանդէս պիտի գայ նիստի օր նշանակելու վերաբերեալ յայտարարութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Արայիկ Յարութիւնեան 1 սեպտեմբերին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է ԱՀ նախագահի պաշտօնէն: Պաշտօնէն ազատուած է նաեւ ԱՀ պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, այդ պաշտօնին նշանակուած է Սամուէլ Շահրամանեան՝ ազատուելով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։