image

Արցախի մէջ եւս երկօրեայ սուգ

Արցախի մէջ եւս երկօրեայ սուգ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 օգոստոսին ստորագրած է հրամանագիր, ըստ որու՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2022 թուականի օգոստոս 17-18-ը ներառեալ յայտարարուած է սուգ՝ ի յիշատակ 2022 թուականի 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի եւ պայթումի հետեւանքով զոհուած անձանց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Արցախի Հանրապետութեան պետական բոլոր գերատեսչութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներուն յանձնարարուած է Արցախի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններուն մէջ սուգի օրերուն խոնարհել Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը:

Աւելի վաղ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրամանագիր ստորագրած էր Հայաստանի մէջ երկօրեայ սուգ յայտարարուելու մասին։