image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ երդման արարողութիւն. Ընդունուած են 7 նորագիրներ

Արցախի մէջ երդման արարողութիւն. Ընդունուած են 7 նորագիրներ

21 Սեպտեմբերին, Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին մօտ հանդիսաւոր երդման արարողութեամբ ՀՅԴ շարքերը համալրած է 7 նորագիր։

Արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ։

Նախքան երդման արարողութիւնը, ներկաները ծաղիկներ խոնարհած Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին։

Կուսակցական երդման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ նաեւ խոստման արարողութիւն, որու ընթացքին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքեր համալրած է 2 նորագիր։

ՀՅԴ երդման արարողութեան կնքահայրը Ալիոշա Գաբրիէլեանն էր, իսկ խոստման արարողութեան կնքահայրը՝ Սերկէյ Շահվերտեանը։

Երդման եւ խոստման արարողութիւններէն ետք կուսակցութեան շարքերը համալրած ընկերներուն շնորհաւորած են ներկաները: