Թրքական ընկերութիւնները սկսած են իրենց «ձեռքը վերցնել» Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքները։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Թուրքիայէն ժամանած ընկերութիւնները մեծ ներդրումային ծրագրեր ներկայացուցած են Ատրպէյճանի կառավարութեան։ Այս մասին Պաքուի մէջ ընթացող Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա գործարար ֆորումի ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապպարովը։
Ճապպարովի խօսքով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ընդհանուր առմամբ 921 դիմում ստացած են տեղական եւ արտասահմանեան ընկերութիւններէն՝ բռնագրաւուած տարածքներու մէջ նախագիծերու իրականացման համար։