image

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ գլխաւորութեամբ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ գլխաւորութեամբ՝ Արայիկ  Յարութիւնեանի

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 26 մայիսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որու օրակարգին վրայ Արցախի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի հարցն էր: Յայտնած են նախագահի աշխատակազմէն:

Քննարկուած են արտաքին քաղաքական ու անվտանգային, ինչպէս նաեւ շրջափակման յարուցած ընկերային ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահը տուած է շարք մը յանձնարարականներ, որոնք կը վերաբերին առկայ հիմնախնդիրներու լուծման՝ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով: