«Այսօր աւելի քան կարեւոր օր մը դարձաւ մեր մասնաճիւղին համար: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Շաւարշ Քրիսեան մասնաճիւղի անդամ, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, մեր բոլորին հաւատարիմ ընկեր Եղբ.Գրիգոր Ղազարեանի անունով կոչուեցաւ՝ Armenian airways օդանաւային ընկերութեան օդանաւներէն մէկը»,-այս մասին գրառում կատարած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Շաւարշ Քրիսեան մասնաճիւղը դիմատետրեան իր էջով:
Յիշեցնենք, որ տարի մը առաջ «Արեւելք» գրած էր Արցախի մէջ հերոսական էջեր կերտող եւ իրենց արեամբ Արցախի հողը պաշտպանող նահատակներու շարքերուն միացած Գրիգոր Ղազարեանի մասին։
Գրիգոր Ղազարեան ծնած է 2001-ին, Երեւան: Ապրիլ 2012-ին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի սկաուտական «Աղթամար» խումբին: 2019-ին զօրակոչուած հայկական բանակ: Ծառայութիւնը կատարած է հակաօդային պաշտպանութեան զօրքին մէջ: 2020-ի Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն մեկնած առաջնագիծ: Գրիգոր Ղազարեան նահատակուած է 28 Սեպտեմբեր 2020-ի մարտերու ընթացքին: Յետ-մահու ան պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
Գրիգոր Ղազարեանի հայրը՝ Լեւոն Ղազարեան, որ տարիներու ծառայութիւն եւ փորձառութիւն ունի օդագնացութեան ոլորտին մէջ ըսած է, թէ այս անուանակոչութիւնը նուիրուած է բոլոր զինուորներուն՝ «Այս միջոցառումը կ'ընկալենք որպէս նուիրուած հայ զինուորին՝ իմ հայրենիքի միակ եւ անդաւաճան պաշտպանին»։
Լեւոն Ղազարան նաեւ նշած է թէ անուանակոչութեան այս գաղափարին հեղինակը Armenian airways օդանաւային ընկերութեան աշխատակազմն է: Ան շարունակած է՝ «Ընկերութիւնը նաեւ որոշեց, որ հետագայ բոլոր օդանաւերը, որոնք պիտի բերուին Հայաստան, պէտք է կրեն մեր զինուորներու անունները»:
.png)