Ապրիլ 22-ին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն աշխատանքային խորհրդակցութիւն հրաւիրած է, որուն մասնակցած են Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները եւ ԱՀ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Յարութիւնեան տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստան-Ռուսաստան վերջին բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին` Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան կարգաւորման եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման գործընթացներու ծիրին մէջ:
Արայիկ Յարութիւնեան եւս մէկ անգամ շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը, այն է` շարունակել անկախութեան ճանապարհը` ուղեցոյց ունենալով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ ներկայ ռազմաքաղաքական իրավիճակէն բխող հարցեր: