ԼՂՀ- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր հաղորդագրութիւն մը հրապարկելով հերքած է Ազրպէյճանի կողմէ տարածուած լուրերը կապուած ՝ հայկական անօդաչու սարքի մը վար առնուելուն հետ: Նշենք, որ ազրպէյճանեան աղբիւրներ այսօր լուր տարածած էին, որ Աղտամ շրջանին վերեւ հայկական անօդաչու սարք մը առնուած է իրենց կողմէ: Սահմանին վրայ կացութիւնը կը մնայ կայուն հակառակ անոր, որ հակառակորդը անցնող օրերուն սադրանքներու դիմելով կը խախտէ առկայ հրադադարը: