image
Հրատապ լուրեր:

Արայիկ Յարութիւնեանէն դրական խօսք՝ «Հայաստան» հիմնադրամին

Արայիկ Յարութիւնեանէն դրական խօսք՝ «Հայաստան» հիմնադրամին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 25-ին Երեւան քաղաքին մէջ մասնակցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական` 31-րդ նիստին:

Ան ելոյթի իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Հիմնադրամին գործունէութիւնը, ընդգծած է, որ համայն հայութեան ջանքերուն շնորհիւ Արցախի մէջ կ'իրականացուին մեծածաւալ բնակարանաշինական աշխատանքներ, որուն արդիւնքով հազարաւոր տեղահանուած ընտանիքներ պիտի ապահովուին բնակարաններով:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են Հիմնադրամի գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, նախանշուած են ընելիքները: