image

Արարատի լեռնագնացները այցելած են Մեսրոպեան Վարժարան

Արարատի լեռնագնացները  այցելած են Մեսրոպեան Վարժարան

 Օրերս խումբ մը Արարատի լեռնագնացներ այցելութիւն տուած են Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան եւ ընդունուած Տնօրէն Տիար Կրէկուար Գալուստի կողմէ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ    Մեսրոպեան Վարժարանի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 Կրթական մշակ եւ լեռնագնաց պարոն Նազարէթ Ճէրէճեան, Սերուժ Խանճիհանեան եւ Ծովակ Քէօշկէրեան այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ մեր աշակերտներուն պատմեցին Արարատ լեռը բարձրանալու իրենց ոգեշնչող փորձառութեան մասին: Հանդիպումը կազմակերպուած էր նախակրթարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար, հայոց լեզուի դասանիւթի շրջանակին մէջ։Յարգելի դասախօսներուն վկայութեանց եւ բացատրութիւններուն ազդեցութեան տակ՝ աշակերտները կարծէք պահ մը տեղափոխուեցան աստուածաշնչական լերան տարածքը ու միացած լեռնագնացներու յուզիչ ճանապարհորդութեան՝ զմայլեցան անոր գեղեցկութիւններով եւ վեհութեամբ։

Աշակերտներուն համար դիպուկ էր յատկապէս Ծովակին փորձառութիւնը, քանի որ ան լեռ բարձրանալու ժամանակ ընդամէնը 13 տարեկան էր։

Դասախօսութեան աւարտին, յարգարժան հիւրերը Արարատէն բերուած ժայռի բեկորները որպէս խորհրդանշական նուէրներ փոխանցեցին վարժարանի տնօրէնութեան, բաժանմունքի պատասխանատուին եւ հայերէնի ուսուցիչին։