Յունուար 20-21-ին Վիեննայի մէջ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ`եւրոպական երկիրներու, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում, ըսուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան X-ի էջի գրառման մէջ։
Նախարարի ելոյթին յաջորդած է քննարկում` Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ իրավիճակի, խաղաղութեան օրակարգին, կայունութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերու, ՀՀ երկկողմ ու բազմակողմ օրակարգի ընդլայնման հեռանկարներու վերաբերեալ:
Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում միջազգային ու տարածաշրջանային թեմաներով: