image

Առանձնութեան մասին...

Առանձնութեան մասին...

Պատահական է, որ համացանցի մէջ տեսնենք մարդոց գրածները առանձնութեան մասին, թէ որքան լաւ բան է այդ մէկը եւ ապրիլ առանց մէկու մը կարիքը ունենալու։ Անոնք կը կարծեն, թէ առանձնութիւնը միայն մի քանի ժամուան համար իրենց սենեակը փակուած մնալն է, բայց անոնք, իրականութեան մէջ չեն զգացած առանձնութեան ցրտութիւնը, արտառոց անխռովութիւնը, չեն գիտեր, թէ մութ գիշերներու անշշուկ ու անշունչ մթնոլորտին մէջ որքա՜ն աղմկալից ու զգայացունց կ՚ըլլայ ներքին ձայնիդ արձագանգող լացուկոծը, գոռում-գոչումը։ Մութ ու գորշ գոյներով ողողուած կեանքի զանազան երեսակներուն կ՚անդրադառնայ մարդ եւ կը տեսնէ, թէ որքա՜ն դժուար է առանձին մահուկենաց պայքար մղելը։

Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին ապրիլ, երբ մարդ շարժանկար մը դիտելէ եւ կամ նոյնիսկ գիրք մը ընթերցելէ յետոյ կարիքը կը զգայ ուրիշներու հետ զրուցելու, իր դիտածները եւ կամ կարդացածները քննարկելու եւ կարծիքներ փոխանակելու իր երկխօսին կամ երկխօսներուն հետ, քանի որ բան մը կարելի է այլ ձեւերով մեկնաբանել, տեսնել այն մանրամասնութիւնները, որոնց չենք անդրադառնար առաջին հայեացքով։

 

 

Մարդոց հոգին կը նմանի անհուն ծովերու կոհակներէն ու յորձանքէն փրկուելու ջանացող նաւի մը, որու աշխատակազմին կ՚անդամակցին սիրտն ու միտքը։ Զգացումներու ու մտածումներու համադրումը կ՚օգնեն հոգիին՝ ազատելու փոթորիկներէ, ահագնակերպ ալիքներէ… Սակայն սրտին ու մտքին համագործակցութեան բացակայութիւնը հոգւոյ տառապանքին պատճառ կը դառնայ։

Կը բախենք դռներ, կ՚որոնենք լուծումներ, որպէսզի ճար մը գտնենք մեր թեւազուրկ վիճակին, թնճուկներուն ու խոչընդոտներուն համար։ Այս բոլորէն հեռանալու, անդորրութեան հասնելու համար կը փորձենք մեկուսանալ, եղափոխութիւն մը կատարել մեր ներաշխարհէն ներս։ Սակայն մեր չլուծուած հարցերը թոյլ չեն տար, որ առողջ ու սթափ խորհինք, հեռանանք կեանքի ագահ ու նախանձոտ նայուածքէն եւ զուգահեռաբար աշխարհի ամենագեղեցիկ ու տեսարժան վայրերը կը դառնան անապատի՝ ինչպէս որ նաւի մը մէջ լաւ չտեղադրուած բեռը դիւրաւ կը տապալի եւ պատճառ կը դառնայ վնասներու ու կորուստներու։

Սոկրատէսին պատմած են մարդու մը մասին, որ տարուան մը ընթացքին առանձին կը կատարէ անհամար ճամբորդութիւններ, սակայն ան ամէն անգամ կը վերադառնայ նոյն հոգեվիճակով։ Իսկ Սոկրատէս կը պատասխանէ, թէ այս մէկը բնական է, քանի որ «ան ինքը իրեն հետ տարած է» այդ ճամբորդութիւններուն։

Բազմաթիւ յօդուածներ գրի առնուած են առանձնութեան մասին, սակայն այս բարդ երեւոյթը հնարաւոր չէ կատարելապէս վերլուծել ու բացայայտել։ Մեր ներքին ձայնը լսելու, մեր գործած արարքները վերաքննելու ու հաշուետուութիւն մը ընելու գրեթէ ամենալաւ ձեւը կը հանդիսանայ առանձնանալ՝ մեկուսանալ, սակայն այդ մէկը կը վերածուի անհաճոյ զգացումի մը ընկերային յարաբերութիւններու թերութեան եւ կամ բացակայութեան պատճառով։ Հակառակ բազմաթիւներով շրջապատուելուն, մարդ կրնայ ինքզինք առանձին զգալ, որու պատճառներէն մին է լաւ արտայայտուելու կարողութեան պակասը եւ իր զգացումներն ու մտածումները բացայայտօրէն պատմելու անկարողութիւնը եւ մարդոց հանդէպ անվստահութիւնը։

Ժամանակի ընթացքին մարդիկ կը սորվին թէ՛ առանձին մնալ եւ թէ նոյնաժամանակ ուրիշներու հետ շփման մէջ մնալ՝ դասաւորուած հունի մէջ։ Սակայն մեր կեանքի ողջ տեւողութեան կը զուգադիպինք այնպիսի հանգրուաններու, որոնք կը խանգարեն այս կանոնաւորուածութիւնը։

Երբ առանձին ըլլամ, կը սուզուիմ իմ ներաշխարհի մակերեսէն դէպի յատակը, ուր այլեւս գոյութիւն չունին փոթորիկները, կայծակներու որոտումը, ալիքներու խենթութիւնը… Այդ փոքր աշխարհէն ներս մարմին կը ստանան զգացումներս, կարծիքներս, հմտանալու ձգտումներս, նաեւ մտահոգութիւններս, բացասական զգացումներս…

Պատահական է, որ համացանցի մէջ տեսնենք մարդոց գրածները առանձնութեան մասին, թէ որքան լաւ բան է այդ մէկը եւ ապրիլ առանց մէկու մը կարիքը ունենալու։ Անոնք կը կարծեն, թէ առանձնութիւնը միայն մի քանի ժամուան համար իրենց սենեակը փակուած մնալն է, բայց անոնք, իրականութեան մէջ չեն զգացած առանձնութեան ցրտութիւնը, արտառոց անխռովութիւնը, չեն գիտեր, թէ մութ գիշերներու անշշուկ ու անշունչ մթնոլորտին մէջ որքա՜ն աղմկալից ու զգայացունց կ՚ըլլայ ներքին ձայնիդ արձագանգող լացուկոծը, գոռում-գոչումը։ Մութ ու գորշ գոյներով ողողուած կեանքի զանազան երեսակներուն կ՚անդրադառնայ մարդ եւ կը տեսնէ, թէ որքա՜ն դժուար է առանձին մահուկենաց պայքար մղելը։

Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին ապրիլ, երբ մարդ շարժանկար մը դիտելէ եւ կամ նոյնիսկ գիրք մը ընթերցելէ յետոյ կարիքը կը զգայ ուրիշներու հետ զրուցելու, իր դիտածները եւ կամ կարդացածները քննարկելու եւ կարծիքներ փոխանակելու իր երկխօսին կամ երկխօսներուն հետ, քանի որ բան մը կարելի է այլ ձեւերով մեկնաբանել, տեսնել այն մանրամասնութիւնները, որոնց չենք անդրադառնար առաջին հայեացքով։

Պիանքա Սարըասլան

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն