image

Արամ Ա. Վեհափառի Թելադրանքով Միաբաններու Պատուիրակութիւն Մը Սիս Այցելած Է (Լուսանկարներ)

Արամ  Ա. Վեհափառի  Թելադրանքով      Միաբաններու Պատուիրակութիւն Մը  Սիս  Այցելած Է (Լուսանկարներ)

 Թուրքիա-   Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնէն    կ’իմանանք, թէ  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելած է Սիսի Կաթողիկոսարան, ուր տեղի ունեցած  հոգեհանգիստ՝ 1293-էն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար: Ապա  կարդացուած է այս առթիւ  Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ  յղուած պատգցամը, ուր  Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ իր ժողովուրդին հետ Սահակ Կաթողիկոսի աքսորին, յիշատակած է իր ժողովուրդի իրաւունքները պահանջելու ծերունազարդ Հայրապետին արի կեցուածքը եւ ամբողջական ու անկախ Հայաստանի իր մարգարէատեսիլ բառերը: Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոս վերահաստատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը, որպէս պահանջատէր Սիսի Կաթողիկոսարանին եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Նշենք, ոդ Սիսի Կաթողիկոսարան մեկնած միաբանական պատուիրակութեան մաս կը կազած են ՝ Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան: