image

Առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունած է ՀՕՄ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները

 Առաջնորդ  Տ. Թորգոմ  եպս. Տօնոյեան ընդունած է ՀՕՄ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները

 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի   պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեանի:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց ՀՕՄի աշխարհատարած գործունէութիւնը՝ յատուկ կանգ առնելով Արեւմտեան շրջանի կառոյցի ցուցաբերած այն բազմամակարդակ օգնութեանց վրայ, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Արցախի, Ջաւախքի, Սփիւռքի կարիքաւոր գաղթօճախներուն եւ կ՛ընդգրկեն բազմակի երեսներ, ինչպէս՝ հայրենեաց մարտիկներու եւ անոնց ընտանիքներու, լիբանանահայ եւ սուրիահայ աղէտեալ հայրենակիցներու նիւթական, բժշկական, կրթական, բարոյահոգեբանական մնայուն օժանդակութիւն՝ ՀՕՄի տեղւոյն դարամանատուներու, մասնաճիւղերու, կամաւորական «բանակ»ի, բարերարներու, բարեկամներու եւ նուիրեալ հայ մայրերու ու քոյրերու ճամբով: 

Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար վեր առաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄի միջեւ ստեղծուած դար մը եւ աւելի յարաբերութիւնը՝ դիտել տալով, որ բոլոր միութիւններէն եւ կառոյցներէն աւելի յառաջադէմ է ՀՕՄը, որ շօշափելի եւ պատկառանք առթող քանակութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ աշխարհացրիւ հայկական օճախներուն: Այս առիթով շնորհաւորեց այցելու ՀՕՄուհիները՝ յոյս յայտնելով, որ դեռ երկար կը շարունակուի ՀՕՄի հետ սրտակցական կապն ու փոխադարձ յարգանքը Արեւմտեան Թեմեն ներս, յատկապէս երբ ազգ ու հայրենիք որեւէ աղէտի կամ դժուարութեան պահուն այս շրջանին կը նային՝ իբրեւ անմիջական օգնութեան հասնող օրհնաբեր ձեռք ու առատաձեռնութեան խորհրդանիշ:

Մտերմիկ զրոյց-հանդիպումին ՀՕՄուհիները նաեւ արտայայտուեցան իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անդրադարձ կատարեցին յետ համավարակի գաղութային կեանքի մէջ տիրող ոչ բարենպաստ մթնոլորտին մասին՝ դիտել տալով, որ ջլատիչ այս մթնոլորտը նաեւ կը դժուարացնէ բարեսիրական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը, ապա այս վիճակի յաղթահարման համար անոնք հայցեցին Առաջնորդ Սրբազանին խրատն ու ցուցմունքը:

Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ՀՕՄի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը շարունակելու իր հայրենանուէր եւ հայանուէր գործունէութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր պատմական դերին, նախնեաց աւանդին, ինչպէս նաեւ՝ հայրենի եզերքին եւ համայն հայութեան անընդհատ տրուելու ու բաշխուելու իր վսեմ առաքելութեան: