ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան 12 մայիսին հիւրընկալած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Աննա Յակոբեանը, անոր դստերը եւ Հայաստան ժամանած «Կին քաղաքական առաջնորդներ» համաշխարհային ցանցի (WPL) հիմնադիր եւ նախագահ Սիլվանա Քոխ-Մեհրինը:
Ազգային ժողովէն յայտնած են, որ ԱԺ նախագահը հիւրերուն հետ շրջայց իրականացուցած է խորհրդարանէն ներս: Ան պատասխանած է Սիլվանա Քոխ-Մենրինի՝ հայաստանեան կին քաղաքական գործիչներու եւ Ազգային ժողովի կողմէ անոնց կարողութիւններու զարգացման ծրագիրներուն վերաբերող հարցերուն:
Զրոյց ծաւալուած է ժողովրդավարական երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կանանց առաջնորդութեան եւ ծրագիրներու իրականացման հարցերուն մասնակցային մօտեցումներու շուրջ: