Լեմքինի անուան Ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշուած է յառաջիկայ շաբաթներուն Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակման հաւանականութեան մասին:
Փաստաթուղթի հեղինակները նշած են, որ ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը վաղուց աչք դրած է Հայաստանի հարաւային շրջաններու՝ Սիւնիքի մարզի վրայ։ Եւ դեռ բոլորովին վերջերս կը քննարկուէր այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի թեման, որ պէտք է անցնի Սիւնիքով՝ «մայրցամաքային» Ատրպէյճանը կապելով Նախիջեւանի ինքնավարութեան հետ։
«Հաշուի առնելով տարածաշրջանի մէջ վերջին քաղաքական զարգացումները, այդ շարքին՝ 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղ եւ ատոր յաջորդած տարածքներու զաւթումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար յատուկ ցեղասպան հայատեացութիւնը՝ ատրպէյճանական ներխուժումը կապուած է յարձակումը ցեղասպանութեան վերաճելու սպառնալիքի հետ»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Լեմքինի հիմնարկը կը յիշեցնէ, որ ցեղասպանութիւնը կ՚արտայայտուի ոչ միայն զանգուածային սպանութիւններով։ Ինչպէս 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի գրաւման պարագային՝ ցեղասպանութիւնը կրնայ արտայայտուիլ նաեւ բնիկ ժողովուրդներու կոտորածի, ջարդերու եւ իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանման տեսքով:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան օրերս լայնածաւալ զօրավարժութիւններ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի տարածքներու մէջ: Ատոնց ներգրաւուած եղած է աւելի քան 2 հազար մարդ։