image

Աքար կը բողոքէ Անգարայի դէմ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու զէնքի արգելքէն

Աքար կը բողոքէ Անգարայի դէմ  ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու զէնքի արգելքէն

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի որոշ երկիրներ կը թուլցնեն դաշինքը՝ հրաժարելով Թուրքիոյ ռազմական բաղադրամասեր վաճառելէ։  

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ն  պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ ռազմաարդիւնաբերական համալիրի պաշտօնեաներուն նկատմամբ ու Անգարան հեռացուցած է F-35 կործանիչներու ծրագրէն ռուսական C-400 հակակարգերու գնման պատճառով։ Գանատան ալ իր հերթին անցեալ տարուայ Ապրիլէն  չեղարկած է անօդաչու թռչող սարքերու արտահանումը Թուրքիա՝  Արցախեան պատերազմին անոնց օգտագործման պատճառով։

Դեռ 2019-ին, երբ Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գործողութիւն սկսաւ քիւրտերու դէմ, Գանատան միացաւ եւրոպական երկիրներուն՝ դադրեցնելով զէնքի մատակարարումները։ Այսուհանդերձ, Աքարը ըսած է, որ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները F-35 կործանիչներու շուրջ կը շարունակուին։ Բացի այդ, Թուրքիան նաեւ կը փափաքի ձեռք բերել F-16-ի արդիականացման համալիրներ։ Թուրք նախարարը  նաեւ խօսած է Ռուսաստանի ու Ուքրանիոյ միջեւ աճող լարուածութեան մասին՝ նշելով, որ կը փափաքին վէճը լուծուի  խաղաղ ճանապարհով։ «Մեր տեսլականը սկիզբէն այս է՝ մենք խաղաղութեան կողմակից ենք, բանակցութիւններու միջոցով խնդիրներու լուծման։ Եկէք չաւելցնենք լարուածութիւնը, եկէք հեռու մնանք որեւէ սադրիչ վարքագիծէ։ Այդ պատճառով  մենք կ'ըսենք մեր զրուցակիցներուն՝ շատ կարեւոր է զգուշութեամբ գործելը», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը։