Պէյրութէն ուրախ լուր ստացանք։
Նիւ Եորք հաստատուած երիտասարդներ՝ Անժելա Մերմերեան եւ Շանթ Պաղտասարեան ամուսնութեան խորհուրդին արժանացած են։
Մեր երկու հայրենակիցները ստացած են բարձրագոյն կրթութիւն եւ երկուքն ալ կը գործեն իրենց ընտրած մասնագիտական ճիւղերուն մէջ։
Մինչ Անժելան առողջապահական բարձր համակարգի հետազօտական աշխատակից է, իսկ Շանթ Պաղտասարեանը համակարգչային ճարտարապետութեան մասնագէտ։
Մեր հայրենակիցները ի պատիւ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ընկերական լայն շրջանակին իրենց պսակադրութեան արարողութիւնը կատարած են Պէյրութի Հայց. Առաքելական Սուրբ Նշան Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայկական օճախի մէջ իւրաքանչիւր նոր լոյսի բոցավառում մեզի բոլորիս համար նոր յոյս կը ներշնչէ, յատկապէս այս ժամանակներուն, երբ բարդագոյն օրերէ կ՚անցնի ամբողջ հայաշխարհը։
Այս առթիւ մեր լիարժէք խնդակցութիւնները կ՚ուղարկենք բախտաւոր զոյգին, անոնց հարազատներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս վաղեմի բարեկամներէն՝ Գէորգ եւ Ռիթա Պաղտասարեաններուն։