ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան վերջերս այցելած է յարգուած եւ նուիրեան բարերարներէն՝ Հարրի Թուֆայեանին փուռը, եւ այս առիթով հետեւեալ, գրառումը կատարած է թեմի դիմատետրի էջին վրայ՝
Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան գրած է
Երէկ այցելեցի «Թուֆայեան փուռ»ը, ուր անձնապէս եւ ջերմօրէն զիս ընդունեց տիար Հարրի Թուֆայեանը։ Ոգեշնչող է անոր նուիրուածութիւնը՝ մեր համայնքին, հայոց եկեղեցիին եւ մեր թեմին։ Հմուտ հացթուխներուն աշխատանքին ու անոնց արհեստագիտութեան օգտագործաման ներդաշնակութեան ականատես ըլլալը տպաւորիչ էր: Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տիաէ Հարրի Թուֆայեանին, ինչպէս նաեւ Կրէկ, Կարէն եւ Քրիստին Թուֆայեաններուն եւ Թուֆայեան հացագործարանի ամբողջ խումբին՝ մեզի սննդարար ուտեստ տրամադրելու եւ մեր համայնքը քրիստոնէական նուիրուածութեան եւ առատաձեռնութեան ոգիով հարստացնելու համար: Ամէն ինչ որ անոնք կը թխեն, այժմ հաստատուած է, որպէս «սուրբ հաց»:
Լուրը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը