image

Անօրինական անցակէտին վրայ առեւանգուած արցախցի 3 երիտասարդները 10 օր կալանքի տակ պիտի մնան

Անօրինական անցակէտին վրայ առեւանգուած արցախցի 3 երիտասարդները 10 օր  կալանքի տակ պիտի մնան

Հակարիի ապօրինի անցակէտէն ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած արցախցիներու նկատամամբ Ատրպէյճանի դատախազութիւնը 10-օրեայ կալանք կիրառած է։ Յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Գլխաւոր դատախազութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի պետական դրօշի նկատմամբ վիրաւորական գործողութիւններ կատարելու փաստի առթիւ, քրէական գործ յարուցուած է քրէական օրէնսգիրքի 283.2.3 յօդուածի (Կազմակերպուած խումբի կողմէ իրականացուող ազգային, ռասայական, ընկերային կամ կրօնական ատելութիւն եւ թշնամութիւն հրահրելը) եւ 324 (Ատրպէյճնի Հանրապետութեան պետական դրօշի կամ պետական զինանշանի պղծում) յօդուածներու յատկանիշներով:

Նաեւ նշուած է, որ դատարանի վճռի կատարումէն ետք պիտի ապահովուի այդ անձանց վտարումը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքէն։