image

Հակառակ բոլոր «բացթողումներուն». ԱՄՆ կը շարունակէ «հովանաւորել» Նաթանիահուի կառավարութիւնը

 Հակառակ բոլոր «բացթողումներուն». ԱՄՆ կը շարունակէ «հովանաւորել» Նաթանիահուի կառավարութիւնը

 Միւս կողմէ եւ այս բոլորի լոյսին տակ խնդրայարոյց կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր կեցուածքը, կապուած Կազզայի զարգացումներուն։

 ԱՄՆ, որ դժգոհ է այն իրականութիւնէն, որ այսօր պարզուած է մեր առաջ եւ որ կը խօսի իսրայէլեան բանակի «ուշացում»ին, հետեւաբար նաեւ «Համաս»ը արմատախիլ ընելու ծրագրի մեծ հաշուով տապալման մասին, կը շարունակէ ճնշումներու լեզուով խօսիլ Իսրայէլի վարչապետին հետ, սակայն այդ ճնշումները չեն անցնիր ճնշումներու սահմագիծէն անդին։

Կազայի պատերազմը կը շարունակուի, կը ձեւափոխուի եւ կ՚ունենայ նոր ու առանցքային զարգացումներ։ Խնդիրը միայն Կազայի խորքային հատուածներուն ՝ Խան Եունէսի, Տէյր Ալ Պալահի, Մուխայամ Ալ Շաթէիի ծայրերուն եղող կատաղի մարտերը չեն այլեւս, այլ Իսրայէլի համար փուլը ՝ Եգիպտոսի հետ սահմանային հատուածին՝ Ռաֆահի ուղղութեամբ գրոհ մը կազմակերպելու փուլն է, որ անշուշտ բեռնուած է բաւականին բարդ եւ նոյնիսկ անկանխատեսելի համարուոող զարգացումներով։ Այնտեղ հարցը միայն «Համաս»ին հարուածելը չէ, այլ հոն հասած մէկ ու կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներուն հարցը, որ իրենց սեփական երկրին մէջ այս ժամանակներուն դարձած են փախստականներ։

 Մէկ կողմէ արաբական աշխարհի շրջանային խաղացողները եւ յատկապէս պաղեստինեան հարցով ըսելիք ունեցող տէրութիւնները՝ Եգիպտոս եւ Յորդանան, որոնք կտրականապէս դէմ են, որ պաղեստինցի գաղթականներ բռնի ուժով հեռացուին Ռաֆահէն եւ տեղափոխուին Եգիպտոսի որեւէ մէկ շրջան, ըստ երեւոյթին այդ առումով ալ մեծ պայքար մը, կամ ճակատում մը տանելու ներուժը չունին։

 Գլխաւոր թիրախն անշուշտ Եգիպտոսն է, որ այս օրերուն «կկծուած է» եւ յատնուած բաւական դժուար տնտեսական սեղմումներու տակ, ու չի բացառուիր, որ այդ առումով ստնայ որոշակի եւ ոչ յայտարարուած օժանդակութիւններ, երկրի տնտեսութիւնը ամբողջական փլուզումէ զերծ պահելու նպատակով։ Ու հոս է նաեւ թաղուած «շան գլուխ»ը, այն իմաստով, որ այդ օժանդակութիւններուն դիմաց Գահիրէ լուռ պիտի մնայ Ռաֆահի ուղղութեամբ ցանկացած նպատակադրուած գործողութիւնէն կամ շարժումէ։

 Ինչ կը վերաբերի Յորդանանին, ապա Ամման, որ վերջին օրերուն մեծ աշխուժութեամբ իր մասնակցութիւնը դէպի Կազայի հատուածներ օդային ճանապարհով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցընելու աշխատանքներուն, ապա աւելի քան յստակ է, որ Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը շատ «հանգիստ» եւ ինքնավստահ հայացքով կը նայի զարգացումներուն, եւ արդէն կասկածներ չունի, որ ցանկացած պարագայի պաղեստինցի փախստականներ պիտի փորձեն իր երկիրը ապաստանիլ։

 Միւս կողմէ եւ այս բոլորի լոյսին տակ խնդրայարոյց կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր կեցուածքը, կապուած Կազզայի զարգացումներուն։

 ԱՄՆ, որ դժգոհ է այն իրականութիւնէն, որ այսօր պարզուած է մեր առաջ եւ որ կը խօսի իսրայէլեան բանակի «ուշացում»ին, հետեւաբար նաեւ «Համաս»ը արմատախիլ ընելու ծրագրի մեծ հաշուով տապալման մասին, կը շարունակէ ճնշումներու լեզուով խօսիլ Իսրայէլի վարչապետին հետ, սակայն այդ ճնշումները չեն անցնիր ճնշումներու սահմագիծէն անդին։

 «Մէկ կողմէ մեխին, եւ միւս կողմէ ՝ նալին» ձեւաչափով է, որ հարցերուն կը մօտենայ Միացեալ Նահանգները, որուն նախագահն ու անոր քաղաքական խումբը նպատակ չունի ամբողջովին «նեղացնել» Ամերիկացի ընտրողներուն մէջ իրենց ուրոյն տեղն ունեցող արաբ քուէարկողները։ Իր կարգին ԱՄՆ նախագահական ընտրութեան երկրորդ յաւակնորդը՝ Տանըլտ Թրամբ, որ բաց աչքերով կը հետեւի զարգացումներուն, կուզէի օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն ու նաեւ իր յաղթանակի հիմնական առանցքը դարձնել Ամերիկեան «տապալուած» քաղաքականութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի պարագային։

 Այս ընդհանուր եզրագծին ուշագրաւ է անշուշտ, որ հակառակ ամէն տեսակի լարումներու ամերիկացիք վճռած են շարունակել իրենց զօրակցութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան ու հոս է նաեւ, որ բաւական դիտարժան, թէ ի հեճուկս ամէն տեսակի սխալներու, սպանդի, բացթողումներու եւ պատերազմի աննապատակութեան եւ անիմաստութեան, ԱՄՆ կը շարունակէ զօրակցիլ Իսրայէլի բոլոր առումներով նեղ կացութեան մատնուած վարչապետ Բենիամին Նաթանիահույին։

 

 «Պլումպըրկ»էն դիտարկում. Վիհը... կը խորանայ, բայց աջակցութիւնը չի դադրի 

 Ի դէպ Իսրայէլ-ԱՄՆ առկայ տարակարծութեանց մասին օրերս ուշագրաւ հրապարակում մը կատարած է միջազգային ԶԼՄ-ներու աստղափոյլին մէջ իր ուրոյն տեղն ու հեղինակութիւնը ունեցող՝ «Պլումպըրկ» կայքը, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Կազայի պատերազմին ընթացքը, եղած ծանր դէպքերը եւ ի մասնաւորի՝ Իսրայէլի ընդհանուր վարքը պատճառ դարձած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները հետզհետէ աճին ու առկայ խորքային դառնան։

 

Իսրայէլի կառավարութեան երկու նախարարներ հրապարակայնօրէն «գրոհած են» Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի դէմ, մասնաւորապէս՝ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պին Կըվիրը եւ ելեւմուտքի նախարար Պեզալել Սմոթրիչը եւ այս կատարած են Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի հանդէպ անվերապահ աջակցութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։ 

Պին Կըվիր խօսած էր ամերիկեան «The Wall Street Journal» թերթին, ուր ան մտավախութիւն յայտնած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «վնաս կը հասցնէ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»՝ ընդգծելով, որ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի ազատօրէն ձեռք կ՚երկարէր եւ նեցուկ ցոյց կու տար «Համաս»ը վերացնելու նպատակին:

Ինչ կը վերաբերի Սմոթրիչին, ան քննադատած է Պայտընը Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի փոքր թիւով վերաբնակիչներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու համար, այն որակելով որպէս «հակահրէական»։

Մինչ Նաթանիահուն շնորհակալութիւն յայտնած էր Պայտընին 7 հոկտեմբերին Իսրայէլին աջակցելու համար, ան հրաժարած է քննադատելէ իր «կոշտ գիծի» նախարարները, որոնց կուսակցութիւնները կը կազմեն իշխող դաշինքի մաս եւ առանցքային դեր ունին բոլոր առումներով։

Այնուհետեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, որ վերջերս հանդիպած էր Իսրայէլի կառավարութեան վարչապետին եւ այլ պաշտօնեաներու հետ, բաց կերպով քննադատած է Թէլ Աւիւը նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ գիծին վրայ կան խորքային տարակարծութիւններ եւ այդ տարակարծութիւնները մարտավարական տեսակէտէ երեւցած տարբերութիւններ են։

Պլինքըն ըսած է, որ «Համաս» շարժման արձագանգը տարածք կը ստեղծէ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար, նոյնիսկ եթէ դեռ շատ բան կայ բանակցելու, ներառեալ հրադադարի տեւողութիւնը, ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու թիւը, որոնք պիտի հեռացուին Կազայէն, եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւը, որոնք դուրս պիտի գան Իսրայէլի բանտերէն։

Միւս կողմէ, Նաթանիահու ըսած է, որ «պատրանք» կ՚ըլլայ ընդունիլ «Համաս»-ի պայմանները՝ խոստանալով շարունակել պայքարը մինչեւ վերջ...։

Իսրայէլի ներկայ կառավարութիւնը հեռու է Միացեալ Նահանգներու կամ արաբական երկիրներու ուզածին հետ համահունչ ըլլալէ, այն է՝ պատերազմի արագ աւարտը եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծման ուղղուած վճռական քայլերու ձեռնարկումը:

Մէկ կողմէ Իսրայէլի եւ միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու միջեւ անջրպետը ներկայիս կը մեծնայ։

Յատկանշական է, որ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սա առաջին անգամը չէ, որ ի յայտ կու գան ամերիկա-իսրայէլեան տարաձայնութիւնները, սակայն երկու կողմերուն միջեւ ակնյայտ տարաձայնութիւնները չեն յանգեցուցած ամերիկեան աջակցութեան կրճատման։ 

Ինչ կը վերաբերի Պայտընի կողմէ Յորդանան գետի արեւմտեան ափի վերաբնակիչներու նկատմամբ կիրառուող պատժամիջոցներուն, ապա ամերիկեան վարչակազմը քննարկած է Պին Կըվիրի եւ Սմոթրիչի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցը, սակայն, ի վերջոյ, որոշած է անոնց անունները հեռացնել «պատիժներու ցուցակ»էն եւ այդ մասին յայտնած են իսրայէլեան կարգ մը աղբիւրները։

 

 Սագօ Արեան 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...