Կարեւոր խօսքով մը հանդէս գալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աւագ միաբաններէն Գերշ. Տ. Վիգէն արք. Այգազեան օրերս ելոյթ մը ունեցած է Գերմանիոյ մէջ գումարուող «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ»ի համաժողովին։
Սրբազան հայրը, որ ներկայիս հովուական գործունէութիւն կը տանի Միացեալ Նահանգներու մէջ նիստերէն մէկուն ընթացքին խօսք առնելով ժողովէն պահանջած է կարեւոր ճիգեր գործադրել յանուն բոլոր բռնադատուած ժողովուրդներուն թէ անոնց դատը ներկայացնելով քրիստոնէական շրջանակներուն, թէ ալ հասնելով անոնց բոլոր կարիքներուն։
Այս առումով ալ Գերշ. Տ. Վիգէն արք. մասնաւորապէս ըսած է՝ «Անընդունելի անտեսել հայ ժողովուրդին հանդէպ եղած դաժանութիւնները եւ այս ժողովը չպէտք է անտեսէ կամ մոռացութեան տայ բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք դաժանութիւններու կ՚ենթարկուին։
Չպէտք է մոռնալ Եէմէնի, Եթովպիոյ, մէջ եղած բռնութիւնները։
Չպէտք է մոռնալ իմ երկրին մէջ պատահած դէպքերը, չպէտք է մոռնալ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները ու ես վստահ եմ պրն. Համակարգող, որ այս ժողովը իր ամփոփիչ եւ աւարտական զեկոյցին մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնէ իմ բարձրացուցած խնդիրներուն։
Վերջին շրջանին մենք ունեցանք մեծ կորուստներ, եւ ոչ ոք Ատրպէյճանին կամ Թուրքիոյ ետ մղեց հրաժարելու համար հայաջինջ իրենց քաղաքականութիւնէն։ Մեր խնդիրը մեծ խնդիր է, ու այս խնդրին համար սոսկ հաղորդագրութիւններ կատարելը ոչինչ կը փոխէ իրողութիւններէն։ Ի վերջոյ այս կազմակերպութիւնը «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ»ը սոսկ կրօնական կազմակերպութիւն չէ ու այն կոչուած է պաշտպանելու բոլոր բռնադատուած ժողովուրդներու իրաւունքները»։
Յիշեցնենք, որ աւելի քան եկեղեցիներ մէկտեղող եւ 3500 պատուիրակներ (որոնց 25- կը ներկայացնեն Հայց. Առաքելական երկու նուիրապետական Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռները) ընդգրկող այս ժողովը տուեալ խորհուրդի 11-րդն է եւ այն տեղի կ՚ունենայ Գերմանիոյ մէջ։
Լուրը համադրաբար համացանցէն եւ «Արեւելք»ի