Երեւանի մէջ, օրերս, լոյս տեսած է Անի Աստուրեանի «Կաղապարէն դուրս» մանկական հատորը, որ կ'ընդգրկէ երեք մանկական պատմուածք գրուած՝ արեւմտահայերէնով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Եթէ ձեր ճամբան կ'անցնի Հայաստանէն եւ փափաք կ'ունենաք արեւմտահայերէնով մանկական գիրք մը կամ գիրքեր գնել ձեր զաւակներուն համար, Երեւանի բոլոր գրախանութներու եւ «Յառաջ» գրական աշխատանոցէն կրնաք ձեռք բերել Անի Աստուրեանի «Կաղապարէն դուրս» մանկական հատորը։ Այս գիրքը, որ նկարազարդուած է Արեւիկ Արոյեանի կողմէ, լոյս տեսած է «Զանգակ» հրատարակչատունէն։
«Կաղապարէն դուրս»ը կ'ընդգրկէ երեք մանկական պատմուածք գրուած Անի Աստուրեանի պարզ եւ անմիջական ոճով, անզուգական արեւմտահայերէնով եւ հարազատ ապրումներով։ Պատմուածքներուն գլխաւոր դերակատարները հարցադրումներէ եւ անձնական փորձառութիւններէ ետք կ'անդրադառնան, որ կեանքը լեցուն է տարօրինակ անակնկալներով եւ միշտ չէ, որ մեծերուն պէտք է հաւատալ։
Անի Աստուրեան արեւմտահայերէնի ուսուցչուհի է. կը սիրէ բոլո՜ր լեզուները, բայց մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնը։ Ան այս գիրքը կը նուիրէ Նանարին, Լորին, Հայկին եւ հայերէն կարդացող բոլո՜ր պզտիկներուն եւ պատանիներուն։
«Հայկը, ակռան, պարիկը եւ մաման»-ը առաջին պատմուածքն է, ուր փոքրիկ Հայկը մտահոգ է ակռաներով, թէ արդեօք պիտի իյնա՞ն, պարիկը պիտի գա՞յ եւ նուէր մը դնէ՞ իր բարձին տակ։
«Կաղանդ պապա, փոքիմա՞ն...»-ը երկրորդ պատմուածքն է՝ ծաւալով ամենաընդարձակը, ուր կը պատմուի արեւմուտքի մէջ ապրող հայութեան Կաղանդի սովորութիւնը, մանուկներուն նուէրները բանալու հրճուանքն ու սպասումը մինչեւ Կաղանդ։ Հայկը՝ պատմուածքին հերոսը, արդեօք իր ուզած նուէրը կը ստանա՞յ, նոյնիսկ եթէ մաման դէմ է այդ նուէրին։
«Յովանին որոշումը»-ը երրորդն է պատմուածքներուն, ուր Յովան կը սիրէ խոհանոցի ամաններով խաղալ եւ յանկարծ կարկանդակի կաղապարը կ'անցընէ վիզը եւ չի կրնար դուրս հանել։ Այս պատմուածքէն քաղուած է հատորին խորագիրը՝ «Կաղապարէն դուրս», որ ինքնին դաստիարակչական խորք մը ունի. չկաղապարուիլ կարծրատիպերով եւ մեզի աւանդուածներով միայն, դուրս ելլել եւ յարմարիլ ժամանակակից մանուկին, մանկանա՛լ եւ ընկերանալ մեր մանուկներուն։