image
Հրատապ լուրեր:

Անհնար է Ուքրանիան չէզոք դիրքի տեսնել. Քիսինճըր

Անհնար է Ուքրանիան չէզոք դիրքի տեսնել. Քիսինճըր

Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակի գաղափարը այլեւս նշանակութիւն չունի, եւ իմաստ ունի, որ երկիրը դառնայ ՆԱԹՕ-ի մաս, կը կարծէ ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըրը.

«Այս պայմաններուն մէջ չէզոք Ուքրանիոյ գաղափարը այլեւս նշանակութիւն չունի: Կը կարծեմ, որ Ուքրանիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին արժէքաւոր գործողութիւն կ'ըլլայ»,-ըսած է ան Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին առցանց ելոյթի ժամանակ:

Քիսինճըր բացատրած է, որ նախապէս դէմ եղած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Ուքրանիոյ անդամակցութեան, քանի որ մտավախութիւն ունէր, որ այդ կրնայ հրահրել «այն գործընթացը, որ հիմա կը նկատուի»։

«Միացեալ Նահանգները աջակցած է Ուքրանիոյ դիմադրութեան եւ պէտք է շարունակէ աջակցիլ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, աւելցնէ իր ռազմական օգնութիւնը մինչեւ զինադադարը», -ըսած է ան։