image

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հանդիպումները անհրաժեշտ են. Չաւուշօղլու

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հանդիպումները անհրաժեշտ են. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է Անգարայի եւ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ հանդիպումներու անհրաժեշտութեան մասին, յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ:

«Եթէ մենք կը խօսինք յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, ապա ինչո՞ւ հանդիպումներ չկայացնել Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: Մենք նման պատրաստակամութիւն յայտնած ենք», ըսած է Չաւուշօղլուն` յաւելելով, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ` երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ: