image
Հրատապ լուրեր:

Անդրանիկ Քոչարեանի վարքագիծի վերաբերեալ  «Բարեվարքութեան յանձնաժողով» պիտի չստեղծուի

Անդրանիկ Քոչարեանի վարքագիծի վերաբերեալ  «Բարեվարքութեան յանձնաժողով» պիտի չստեղծուի

Անդրանիկ Քոչարեանի հարցով «Բարեվարքութեան յանձնաժողով» պիտի չստեղծուի: «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը դէմ հանդէս եկած է:

Նշենք, որ Ազգային ժողովէն ներս մայիս 6-ին մեկնարկած հերթական նիստի ընթացքին քննարկուած է պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի վարքագիծի վերաբերեալ ժամանակաւոր «բարեվարքութեան յանձնաժողով» ստեղծելու հարցը։ Նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած են «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները։

Նախաձեռնող խմբակցութիւններու ներկայացուցած հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ հարցը ծագած է 2025 թուականի մարտ 20-ին Ազգային ժողովի միջանցքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի պատճառով, երբ Անդրանիկ Քոչարեանը, ըստ հաղորդման, լրագրող Հռիփսիմէ Ջեբեջեանի նկատմամբ դրսեւորած է ակնյայտ անարգալից եւ խտրական վերաբերմունք՝ ըսելով «շուրթերդ մաքրիր» եւ արգիլելով կանգնիլ իր կողքին՝ նշելով, թէ «դուք լրագրող չէք»։