image

«Ամուր հիմք է ստեղծուել ռազմավարական երկխօսութեան համար». Փաշինեան` Հնդկաստանի վարչապետին

«Ամուր հիմք է ստեղծուել ռազմավարական երկխօսութեան համար». Փաշինեան` Հնդկաստանի վարչապետին

Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ամուր հիմք ստեղծուած է ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաւորման համար։ Ինչպէս յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին ըսուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի`Հնդկաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նարենտա Մոտիին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ Հնդկաստանի Հանրապետութեան համապետական խորհրդարանական ընտրութիւնների յաջող անցկացման եւ Ձեր գլխաւորած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքի կարեւորագոյն յաղթանակի կապակցութեամբ: Պատմական այս ընտրութիւնները վերստին հաստատեցին հնդիկ ժողովրդի յանձնառութիւնը ժողովրդավարական արժէքներին՝ ամրապնդելով ու ապահովելով բարեկամ Հնդկաստանի շարունակական դինամիկ զարգացումն ու նուաճումները ամենատարբեր ոլորտներում»,– նշած է Փաշինեան։

Ան ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն յաջողած են երկու ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւնները հասցնել որակապէս նոր մակարդակի` ամուր հիմք ստեղծելով ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաւորման համար։

«Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամ է գործադրելու բոլոր ջանքերը՝ այդ երկխօսութիւնն էլ աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ»,– գրած է ՀՀ վարչապետը։

Ան յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային առիթ կ՚ունենայ հանդիպելու եւ քննարկելու Հայաստան-Հնդկաստան երկկողմ օրակարգի առաջմղման տեսլականը։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը վերջին 2 տարուան մէջ միլիոնաւոր տոլարներու պաշտպանական պայմանագրեր կնքած է Հնդկաստանի հետ։ Համաձայնագրերու շրջածիրէն ներս մատակարարուած է կամ նախատեսուած է մատակարարուիլ հրետանային զէնքեր, համազարկային կրակի հակազդող համակարգեր (ՀԿՌՀ), զինամթերք եւ այլն: