image

ԱՄՆ ընտրութիւններ. Ճէյմս Տէյվիտ Վենս պաշտօնապէս հանրապետականներու փոխնախագահի թեկնածու

ԱՄՆ ընտրութիւններ. Ճէյմս Տէյվիտ Վենս պաշտօնապէս հանրապետականներու փոխնախագահի թեկնածու

Օհայոյէն ծերակուտական Ճէյ Տի (Ճէյմս Տէյվիտ) Վենսը Հանրապետական կուսակցութեան ազգային համագումարի ժամանակ պաշտօնապէս ընդունած է իր առաջադրումը՝ որպէս փոխնախագահի թեկնածու, հաղորդած է CNN-ը։ 

39-ամեայ Վենսը նախագահական ընտրարշաւին պիտի մասնակցի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որուն ժամանակին խստօրէն կը քննադատէր։ 

Յուլիս 18-ին իր ելոյթին մէջ Վենս յայտնած է, որ Թրամփ «Ամերիկան առաջին տեղը կը դնէ»։ Ան նաեւ նշած է, որ այդ օրը «յոյսի երեկոյ է»՝ հաշուի առնելով, որ Թրամփ ողջ մնացած է իր դէմ յուլիս 13-ին իրականացուած մահափորձէն ետք։ 

Թրամփ եւ Վենս իրենց ընտրարշաւը պիտի սկսին յուլիս 20-ին Միչիկըն նահանգին մէջ։