image

ԱՄՆ-ը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 145 մլն տոլար՝ որպէս «Թրամփի ուղի»ի ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժին

ԱՄՆ-ը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 145 մլն տոլար՝ որպէս «Թրամփի ուղի»ի ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժին

Սեպտեմբեր 11-ին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Պրենտըն Հենրեհէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քուինը:

Ողջունելով հիւրերը՝ փոխվարչապետը բարձր գնահատած է Ուաշինկթընի մէջ օգոստոս 8-ին կայացած հանդիպումներու արդիւնքներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագրերու շրջածիրէն ներս զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները, անդրադարձած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի կարեւորութեան:

Այս պարունակին մէջ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Պրենտըն Հենրեհէնը նշած է. «Անչափ ուրախ եմ յայտնելու, որ աշխատելով Քոնկրեսի հետ, մենք մտադիր ենք Հայաստանին տրամադրել 145 միլիոն ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն։ Սա ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժինն է ուղղուած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի եւ օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած յարակից պայմանաւորուածութիւններու իրագործման՝ առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային անվտանգութեան ասպարէզներու մէջ ներդրումներուն աջակցելու միջոցով»:

Օրերս Պրենտըն Հենրեհէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցով Պաքու կը գտնուէր, ուր հանդիպումներ ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի, տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապարովի հետ։ Հանդիպումներուն քննարկուած են օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։