image

ԱՄՆ պիտի քննարկէ F-16 գնելու Անգարայի առաջարկը

ԱՄՆ պիտի քննարկէ F-16 գնելու Անգարայի առաջարկը

ԱՄՆ պիտի քննարկէ F-16 կործանիչներ գնելու Թուրքիոյ առաջարկը, հաղորդած է AFP-ը՝ վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողան 17 Հոկտեմբերին յայտարարած է, որ Անգարան կը ցանկայ գնել աւելի աժան F-16 օդանաւներ 1,4 միլիառ տոլար յատկացնելով F-35-ի չեղեալ համարուած գործարքի համար։ Սակայն ԱՄՆ-էն նշած են, որ  F-16-ի որեւէ պատուէր կրնայ հանդիպիլ նոյն խնդիրին, ինչ F-35-ը՝  Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Ս-400 հրթիռային համակարգեր գնելու պատճառով:

Չորեքշաբթի օր ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են Անգարայի մէջ թուրք գործընկերներու հետ՝ լուծելու F-35-ի հետ կապուած խնդիրները, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարար՝ Լլոյտ Օսթինը Հինգշաբթի օր զրուցած է թուրք գործընկեր Հուլուսի Աքարի հետ՝ ըսելով, որ Փենթակոնը կը ճանչնայ «Թուրքիոյ ռազմական արդիականացման կարիքները»: F-16-ի խնդրանքը կրնայ քննարկուիլ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Էրտողանի հանդիպման ժամանակ Կլազկոյի կլիմայական համաժողովի ծիրէն ներս:

Խօսելով F-16-ի գաղափարին մասին՝ Էրտողան ակնարկած է, որ կրնայ դիմել Ռուսաստանին կործանիչներուն համար, եթէ ԱՄՆ մերժէ խնդրանքը։ Սակայն պարզ չէ, թէ արդեօք այդ կ'ազդէ՞ Ուաշինկթընի վրայ: «Մենք կոչ կ'ընենք Թուրքիոյ բոլոր մակարդակներով եւ հնարաւորութեան պարագային չպահպանելու S-400 համակարգը եւ զերծ մնալու ռուսական յաւելեալ ռազմատեսակ գնելէ», Հոկտեմբերի սկիզբը ըսած է պետական քարտուղարի տեղակալ Ուենտի Շըրման։